2015-10-18 09:15:00

Ֆրանչիսկոս Պապին` Քենիա, Ուկանտա եւ Կեդրոնական Ափրիկէի առաքելական ճամբորդութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Յառաջիկայ 25 -30 նոյեմբեր Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը  առաքելական ճամբորդութիւն պիտի կատարէ դէպի ափրիկեան ցամաքամաս այցելելով երեք երկիրներ. Քենիան, Ուկանտան եւ Կեդրոնական Ափրիկէն։

Սրբազան Հայրը Հռոմէն կը մեկնի 25 նոյեմբերի առաւօտեան 7.45-ին ուղղուելով Քենիայի մարդապայքաղ Նայրոպի` ուր ''Եոմօ Քենիաթթա'' միջազգային օդակայան կը ժամանէ յետմիջօրէի 17-ին։  Բարի գալուստի պաշտօնական արարողութիւնը տեղի կ՛ունենայ ''Պետական Պալատին'' մէջ ուր Ֆրանչկսոս Քահանայապետը պաշտօնական այցելութիւն կու տայ երկիրին հանրապետութեան նախագահին ու հանդիպում կ՛ունենայ Քենիայի դիւանագիտական մարմնի եւ կառավարական իշխանութիւններուն հետ։

Հինգշաբթի 26 նոյեմբերի առաւօտեան նախատեսուած է միջ-կրօնական եւ համամիութենական հանդիպում ապա Նայրոպիի Համալսարանի տարածքին  բացօթեայ Սուրբ Պատարագ։ Յետմիջօրէին Սրբազան Հայրը կը հանդիպի Քենիայի կղերական դասին, կրօնաւորներուն եւ նորընծաներուն հետ­, անոնց ուղղելով սրտի խօսքը մինչ երեկոյեան կ՛այցելէ Նայրոպիի մէջ Միացեալ Ազգերու գրասենեակը ''U.N.O.N.''

Ուրբաթ 27 նոյեմբերին Սրբազան Հայրը կ՛այցելէ Նայրոպիի ''Քանկէմի'' անուամբ աղքատ թաղամասը որմէ ետք հանդիպում կ՛ունենայ Քենիացի երիտասարդներուն հետ հուսկ կը հանդիպի երկրին եպիսկոպոսներուն ապա` յետմիջօրէին, հրաժեշտ կ՛առնէ Նայրոպիէն եւ կ՛ուղղուի ճամբորդութեան երկրորդ հանգրուանը հանդիսացող Ուկանտայի մայրաքաղաք Էնթեպպէ­, ուր շաբաթ  28 նոյեմբերի առաւօտեան յաջորդաբար կ՛այցելէ Նամուկոնկոյի` Անկլիքան նահատակներու սրբավայրը եւ կաթողիկէ նահատակներու սրբավայրը ուր  բացօթեայ սուրբ պատարագ կը մատուցէ։  28 Նոյեմբերի յետմիջօրէին Սրբազան Քահանայապետը` Քամփալայի մէջ կը հանդիպի Ուկանտայի երիտասարդներուն հետ ապա կ՛ացյելէ Նալուքոլոնկոյի  ''Ողորմութեան Տունը''։ Երեկոյեան Ֆրանչիսկոս Պապ Ուկնատյաի առաջնորդարանին մէջ նախ հանդիպում կ՛ունենայ  Ուկնատացի եպիսկոպոսներուն հետ ապա Առաջնորդանիստ Եկեղեցւոյ մէջ կը հանդիպի քահանաներուն կրօնաւորներուն եւ նորընծաներուն հետ։

Կիրակի 29 նոյեմբերի առաւօտեան Սրբազան Քահանայապետը հրաժեշտ կ՛առնէ Ուկնատայէն եւ կ՛ուղղուի Կեդրոնական Ափրիկէի մայրաքաղաք Պանկի.  Մայրաքաղաքի ''Մ՛փոքօ'' միջազգային օդակայանին մէջ տեղի կ՛ունենայ բարի գալուստի արարողութիւն որմէ ետք Սրբազան Հայրը պաշտօնական այցելութիւն կու տայ երկրի ժամանակաւոր նախագահին եւ կը հանդիպի երկրին Պետական  դասակարգիչն ու դիւանագիտական մարմին հետ։ Հանդիպման աւարտին Սրբազան Հայրը կ՛այցելէ ''գաղթականներու'' ճամբար մը եւ կէսօրին կը հանդիպի տեղական եպիսկոպոսներուն հետ։

Կեդրոնական Ափրիկէի մէջ, կիրակի` 29 նոյեմբերի յետմիջօրէին ,Սրբազան Հայրը կը հանդիպի Աւետարանական Հասարակութեան։ Հանդիպման աւարտին Նորին Սրբութիւնը Սուրբ Պատարագ կը մատուցէ, մասնակցութեամբ տեղական կղերական դասին իսկ երեկոյեան` մի քանի երիտասարդներուն կը մատակարարէ խոստովանանքի խորհուրդը ու կը գլխաւորէ աղօթքի հսկումը։

Երկուշաբթի 30 նոյեմբերին, առաքելական ճամբորդութեան վերջին օրը առաւօտեան Սրբազան Քահանայապետը կը հանդիպի Կեդրոնական Ափրիկէի Մահմետական հասարակութեան հետ Պանկիի Քուտուքույի կեդրոնական մզկիթին մէջ, ապա Պարթելեմի Պոկանտայի մարզադաշտի տարածքին Սուրբ Պատարագի զոհը կը մատուցէ որուն աւարտին կը փոխադրուի Պանկիի միջազգային օդակայան եւ բարի երթի արարողութեան աւարտին` 12,30-ին կը բարձրանայ օդանաւ վերադարձ կատարելով դէպի Հռոմ։








All the contents on this site are copyrighted ©.